
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ «Ֆորպզ» ամսագիրին, Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւնը 77 միլիառ ռուբլի շահով գրաւած է 32րդ դիրքը՝ ռուսական 200 մեծ ընկերութիւններու ցանկին մէջ։
Ամսագիրին մէջ «Տաշիր» ընկերութեան մասին հաղորդուած է, որ 1999ին Հայաստանէն ժամանած Սամուէլ Կարապետեան հիմնադրած է «Տաշիր» ընկերութիւնը՝ «Կալուգագլաւսնաբ» մեծածախ առեւտուրի արտադրութեան հիման վրայ: « Ներկայիս ընկերութեան մաս կը կազմեն քանի մը շինարարական ընկերութիւններ, շինանիւթի, ստուարաթուղթի եւ սնունդի արտադրութեան գործարաններ, վառելանիւթի կայարաններու ցանց, դրամատուն եւ ելեկտրոնային ցանցերու ընկերութիւն: Խումբին մէջ կայ աւելի քան 200 ընկերութիւն: «Տաշիր»ը կառուցած է աւելի քան 65 շինութիւն՝ 1.8 միլիոն քառակուսի մեթր տարածքով, անոնց կարգին 19 առեւտրաժամանցային համալիրներ, գրասենեակային 7 կեդրոններ՝ Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու եւ Երեւանի մէջ: 2011ին «Տաշիր»ը սկսած է գործադրել 7 նոր ծրագիրներ, որոնց համար ներդրած է 1 միլիառ տոլար», գրած է պարբերականը: Նշուած է նաեւ, որ որ Տաշիրը Հայաստանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող քաղաքի անուանում է, ուրկէ սերած է Կարապետեան:
Պարբերականը նաեւ նշած է, որ 200 սեփական ընկերութիւններու գումարային շրջանառութիւնը հասած է 27.8 տոկոսի եւ հասած է մրցանշային 10.2 թրիլիոն ռուպլիի: Ընտրեալ ընկերութիւնները, որոնք կ՛օժանդակեն իրականացնելու պետական հզօր ծրագիրները, կը կառուցեն ճամբաներ եւ խողովակաշարեր։