
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ (7500 N Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91504), Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին, կ.ե. ժամը 4ին տեղի պիտի ունենայ Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերի արտադրութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքներուն մասին ներկայացում մը:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ յայտնի ցեղասպանագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեան:
Ֆլորիտաբնակ եւ վաւերագրական ժապաւէններու մրցանակակիր բեմադրիչ Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմի կարճ տարբերակը ներկայացուած էր շրջանիս հայութեան, իսկ ներկայիս գործին երկար տարբերակը աւարտելու վրայ է:
«Ցեղասպանութեան Որբերը» կարճ տարբերակը անցեալ տարի արժանացած էր «Թելի» (Telly) միջազգային ֆիլմի մրցանակաբաշխութեան բարձրագոյն պարգեւին, իսկ ներկայիս թեկնածու է պատկերասփիւռի «Էմի» (Emmy) մրցանակներու շրջանային տարբերակին: «Արմէնոյտ խումբ»ի (Armenoid Team) հիմնադիր Մարոնեանը, չորս առիթներով արդէն իսկ խլած է շրջանային «Էմի» մրցանակը:
Երկարաշունչ եւ անխոնջ աշխատանքէ ետք, «Ցեղասպանութեան Որբերը» ժապաւէնի երկար տարբերակի նկարահանման գործը սկսած է Լիբանանի Այնթուրա քաղաքէն, անցնելով Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներէն ու հասնելով վերջին հանգրուան՝ Հայաստան: Նկարահանումներուն զուգահեռ, Մարոնեան իր ֆիլմի ծրագիրը ներկայացուցած է հայաշատ շրջաններու մէջ՝ ստանալով նիւթական, քաջալերական եւ այլ տեսակի աջակցութիւններ՝ սոյն գործին հաւատացող հայրենակիցներէն:
Ֆիլմի խթանը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Լիբանանի Այնթուրա քաղաքին մէջ հայ որբեր թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, ինչպէս նաեւ Պարետին ուղղուած այն հարցումը, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հարիւր հազարաւոր հայ որբերու փաղանգը բաւարար չէ՞ աշխարհին փաստելու համար, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ի ձեռնարկին մուտքը ազատ է, սակայն նուիրատուութիւններով կարելի է նեցուկ կանգնիլ այս ծրագիրի ամբողջացման, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ շարժապատկերը ներկայացնել ամերիկեան հանրային պատկերասփիւռի կայաններէն ու այլ պաստառներէ: Նուիրատուութիւնները կարելի է կրճատել տուրքի ենթարկուող եկամուտներէն:
Ձեռնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 357-1606 թիւին կամ ararat-eskijan museum.netzero.net հասցէին: