
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պիթլիսի բնակչութիւնը հանդէս եկած է Վանայ լիճի անունը «Թաթուանի ծով» վերածելու առաջարկով: Ըստ Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ լիճի անունը փոխելու համամիտ պիթլիսցիները կը նշեն, որ լիճին 65 տոկոսը կը գտնուի Պիթլիսի նահանգին մէջ եւ իրենց իրաւունքն է անոր անունը փոխել:
Նաեւ, Պիթլիսի քաղաքապետ Ֆեհմի Այրտըն յայտարարած է, թէ Սուլէյմանիյէի գրադարանին մէջ Օսմանեան շրջանին պատկանող «փաստաթուղթ» մը յայտնաբերուած է. անոր մէջ լիճը կ՛անուանուի «Թաթուանի ծով»:
Լիճի հարաւային մասերուն կից գտնուող Թաթուան բնակավայրի համայնքապետ Մուրատ Էրքան ըսած է, թէ ներկայիս զբօսաշրջութեան համար կ՛օգտագործուի միայն Վանայ լիճի հիւսիսային բաժինը գտնուող Աղթամար կղզին, սակայն հարկաւոր է լիճը ամբողջութեամբ օգտագործել, «իսկ անոր «պատմական անուն»ին վերադարձը այս նախաձենութեան համար կենսական իմաստ կրնայ ունենալ», աւելցուցած է ան:
Կ՛առաջրկուի նաեւ Վանայ լիճը վերանուանել «Վան Պիթլիս լիճ»:
Պիթլիսցիներու առաջարկը անհանգստացուցած է Վանի բնակիչները: Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ի իր թիւին մէջ, թրքական «Սապահ» թերթը գրած է, թէ Վանի փոխքաղաքապետ Սապրի Ապի յայտարարած է, որ լիճին անունը փոխելու վերաբերեալ պիթլիսցիներուն առաջարկը «սխալ է», որովհետեւ անիկա պատմականօրէն յայտնի է Վանայ լիճ անունով եւ զբօսաշրջիկները Վան կ՛այցելեն Վանայ լիճը տեսնելու համար: Ան նաեւ պիթլիսցիներուն խորհուրդ տուած է լիճին անունը փոխելու փոխարէն՝ զբաղիլ Վանայ լիճի մաքրութիւնը պահպանելու հարցով:
Վանայ լիճի եւ շրջակայքի պահպանութեան հարցերով զբաղող գործակալութեան ղեկավար Ալի Չաւտար, իր կարգին պիթլիսցիներուն հակադարձած է՝ ըսելով, որ Վանայ լիճի ամէնէն աղտոտ ափերը կը գտնուին Պիթլիս նահանգին մէջ, միաժամանակ «անհեթեթ» որակելով անոնց առաջարկը:
Յայտնենք, թէ Պիթլիս կատարած այցելութեան մը ընթացքին, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը համաձայն գտնուած էր Վանայ լիճի անունը փոխելու վերաբերեալ պիթլիսցիներու առաջարկին: