
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայ-թրքական սահմանը Հայաստանի կողմէ բաց է, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել զայն: Սահմանի բացման հարցով թրքական կառավարութիւնը գործնապաշտ մօտեցում ունի, իսկ ատրպէյճանական իշխանութիւնները բացասական ազդեցութիւն ունին», ըսած է հայկական արմատներ ունեցող թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին:
«Այնուամենայնիւ, ես լաւատես եմ սահմաններու բացման հաւանականութեամբ: Ես կ՛երազեմ, որ օր մը մարդիկ պիտի կտրեն պատնէշները եւ երկու ժողովուրդները պիտի կարենան բանալ սահմանը», աւելցուցած է ան:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ քօղարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հանգամանքները եւ իրականացնել մերժողական ու ժխտողական քաղաքականութիւն: «Պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով՝ թուրքերը դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակեն հերքել անհերքելին: Թէեւ կը կարծեմ, որ անոնք արդէն հասկցած են, որ այդ քաղաքականութիւնը արդիւնք չի տար, եւ արդէն ստիպուած են որոշ քայլերու նախաձեռնելու: Զանոնք կը խանգարէ մեծ պետական ուժ մը, որ տակաւին կը յամառի եւ թոյլ չի տար անոնց, որ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Չեթին:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հաշտեցնել իր երկու՝ հայ եւ թուրք ինքնութիւնները՝ գրողը ըսած է. «Ես ունիմ ոչ թէ երկու, այլ աւելի շատ ինքնութիւններ. ես աշխարհի քաղաքացի եմ: Եւ երբ ցեղային յարձակում կը կատարուի աշխարհի որեւէ կէտի մէջ, ատիկա կը վնասէ իմ ինքնութեանը»:
Չեթինին համաշխարհային ճանաչում բերաւ իր «Մեծ Մայրս» գիրքը, ուր ան կը պատմէ իր հայ մեծ մօր եւ անոր կրած տառապանքներուն մասին: Ան արդէն կը մտածէ իր յաջորդ գիրքը աւարտելու մասին. «Ես արդէն սկսած եմ գիրքը գրելու, սակայն գերզբաղուածութիւնս ստիպեց, որ կիսատ ձգեմ զայն», ըսած է ան, առանց պարզաբանելու, թէ ինչի՛ մասին է նոր աշխատութիւնը:
Չեթին նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանն է: