– Ըստ Միացեալ Նահանգներու պետական տուեալներուն՝ 2009էն 2011ի միջեւ, դրամատնային հաշիւ չունեցող ընտանիքներու թիւը 821,000ով աճած է՝ 8.2 տոկոսի բարձրացնելով նման ընտանիքներու համեմատութիւնը:
– Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութեան համաձայն՝ Սեպտեմբեր 8-14 տեղի ունեցած գործողութիւններու հետեւանքով, սպաննուած են 75 քիւրտ զինեալներ: Հաքքարիի մէջ «քիւրտ զինեալներ չէզոքացնել»ու գործողութեան կը մասնակցին աւելի քան 5000 զինուորներ, ինչպէս նաեւ՝ օդուժը: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արինչ Սեպտեմբեր 13ին ըսած էր, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու հետ բախումներուն հետեւանքով, վերջին 52 օրերուն 124 թուրք զինուորներ սպաննուած են:
– «Միկնիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա սկսած է 300 քիլօմեթր հասողութեամբ միջցամաքային հրթիռներ արտադրելու:
– Ըստ «Հարփըրզ»ի մէկ ուսումնասիրութեան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ չքաւորները միջին հաշիւով հինգ տարի նուազ կ՛ապրին, քան՝ հարուստները:
– Ըստ Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական նախարարութեան կատարած մէկ ուսումնասիրութեան, յառաջիկայ տասնամեակի ընթացքին ամենաշատ աշխատատեղի ապահովելու հաւանականութիւնը ունեցող ասպարէզներուն միայն չորսը համալսարանական վկայականի կարիքը ունի:
– Միացեալ Նահանգներու բոլոր ամուսնալուծումներուն մէջ, 1990ին 10 տոկոսը կը կազմէին այն ամուսնալուծումները, որոնք տեղի կ՛ունենային զոյգի մը միջեւ, որուն կողակիցներէն իւրաքնչիւրը առնուազն 50 տարիքը բոլորած են: Այս համեմատութիւնը 25ի բարձրացած է 2010ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.