ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- ԳԵՄի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) 40րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 18-19 Օգոստոս 2012ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս. ներկայ էին 8 մասնաճիւղերէ 31 պատգամաւորներ, Գանատայի զանազան քաղաքներէ:
Արժեւորելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, ժողովականները մշակեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը:
Վանաձորի ճամբար ծրագիրով ԳԵՄի հայրենիք գործուղուած անդամները վանաձորցի պատանիներուն համար կը կազմակերպեն երկշաբաթեայ ճամբար մը, որուն ընթացքին աւելի քան հարիւր պատանիներ, խաղի, պարի ու երգի կողքին, կը ստանան անգլերէնի, Հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ: Այս ծրագիրը դարձեալ պիտի կիրարկուի յառաջիկայ տարեշրջանին:
ՀՅԴ ԳԵՄի «Արծիւ» պաշտօնաթերթը այս տարի հրատարակեց երեք թիւեր, որոնք կ՛արծարծէին գանատահայ երիտասարդը յուզող հարցեր: Պաշտօնաթերթին յառաջիկայ թիւը լոյս պիտի տեսնէ Հոկտեմբերին:
Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, պատգամաւորները յառաջացուցին 2015ի ոգեկոչման ծրագիրներու նախապատրաստական աշխատանքի յանձնախումբը եւ հաստատեցին գործունէութեան ռազմավարութիւնը:
Վերջապէս պատգամաւորները արծարծեցին միութեան դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները եւ ներկայ անդամները խրախուսելու ու նոր անդամներ ներգրաւելու միջոցները:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ 2012-2013 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմը: