ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Շաբաթ, 1 եւ Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր 2012ի օրերը, յիշատակելի եւ անմոռանալի էին Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին եւ մուսալեռցիներուս համար: «Փաշայեան» ծառաստանը կը թնդար երգերով, պարերով եւ հերիսայի կաթսաներէն բարձրացող գոլորշիներով, որոնք աւելի խորհրդաւորութիւն մը կու տային մթութեան մէջ պըլպլացող աղօտ լոյսերուն:
Շաբաթ կէսօրին, Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչական կազմը՝ իր օգնականներով, գործի վրայ էր:
Թոռնիկիս ձեռքը բռնած կ՛այցելենք սրահ, ուր վաղը՝ Կիրակի, տեղի պիտի ունենայ պատարագ եւ հոգեհանգիստ. եկեղեցւոյ յանձնախումբին անդամները, կը պատրաստեն խորանը, կը դասաւորեն դպրաց դասին շապիկները, աթոռները ու կը կատարեն յարակից աշխատանքներ: Սրահէն կը յառաջանանք դէպի մօտակայ դուռը եւ կը մտնենք խոհանոց, ուր խումբ մը կիներ, ուրախ, ժպիտը իրենց շուրթերուն հերիսային միսը կը պատրաստեն եւ կաթսաները կը դասաւորեն:
Խոհանոցէն դուրս կ՛ելլենք եւ կը դիմենք դէպի ծառաստանին կեդրոնական մասը, ուր սեղաններուն շուրջ բոլորուած բազմութիւնը, կարօտով կը հետեւի «տի ճէյ»ին երգերուն, իսկ ուրիշներ, ձեռքի գաւազանին կռթնած, արցունքը իրենց աչքերուն, մտամոլոր եւ տխուր նայուածքներով կը հետեւին երգերուն եւ պարերուն:
– Պապուկ, ինչո՞ւ այդ մարդիկը, գաւազանին կռթնած եւ արցունքը իրենց աչքերուն, պարերուն եւ երգերուն կը հետեւին իրենց գլուխը այս ու այն կողմ օրօրելով:
– Սիրելիս, այդ գաւազանով մարդիկը Մուսա լերան ժողովուրդին վերջին սերունդն են, այո՛, անոնք հիմա հոս նստած են, սակայն մտովի կը շրջին Մուսա լերան փէշերուն թառած իրենց գիւղերուն մէջ, կը վերյիշեն տօնակատարութիւնները, երբ մեզի պէս, անոնք երիտասարդ եւ կորովի էին, նստած պատմական սօսիի ծառերուն տակ, իրենց ձեռքերով պատրաստած օղին ու պանիրով հացը կ՛ուտեն եւ տաուլ զուռնային եղանակներուն վրայ, այս հարթակին վրայ պարողներուն պէս, իրենք ալ կը պարեն: Իսկ հիմա, օտար ափերուն մէջ՝ գաւազաններով կը շրջին ու անոնց աչքերէն հոսող արցունքը կարօտի եւ սիրոյ արցունքի կաթիլներ են:
Կամաց-կամաց երեկոն կ՛իջնէ «Փաշայեան» ծառաստանին վրայ: Հարթակին վրայ երիտասարդ երիտասարդուհիներ ձեռք-ձեռքի բռնած մինչեւ ուշ գիշեր կը պարեն ու կ՛երգեն, իսկ ուրիշներ՝ սեղաններուն շուրջը բոլորուած համով-համով կը ճաշակեն Մուսա լերան «պանրը հուցը, կաթնու բիկէյղ»ը, ոմանք հետաքրքրութեամբ հարց կու տան ըսելով, «Ի՞նչ է այս պանրը հուցը», իրենց կը պատասխանուի.
«պանրը հուցը, մուսալեռցիներուն փիցցան է»:
Ժամը 2ին, կամաց-կամաց «Փաշայեան» ծառաստանը կը դատարկուի, միայն հեռուն խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներ կրակարաններուն շուրջ նստած, շերեփները իրենց ձեռքին, ուշադրութեամբ կը հետեւին կրակարաններուն վրայ դրուած պղպջացող հերիսայի կաթսաներուն:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 2ին՝ որոշուած ժամուն, պատարագը սկսաւ. պատարագիչն է Վազգէն քհնյ. Ադմաճեան իր կողքին ունենալով երկու սարկաւագներ եւ դպրաց դասը «օրկըն»ի ընկերակցութեամբ:
Կատարուեցաւ խոստովանանք, ապա Ս. հաղորդութիւն եւ հոգեհանգիստ Մուսա լերան բարձունքին 18 նահատակներուն եւ այլ ննջեցեալներու հոգիներուն: Պատարագիչ տէր հայրը, սքանչելի կերպով ներկայացուց օրուան Աւետարանը, որ կը խօսէր Յիսուսի՝ հացին եւ ձուկին հրաշքին մասին, ապա օրուան պատգամաբերը՝ տոքթ. Վահրամ Շեմմասեան, իւրայատուկ մօտեցումով ներկայացուց Մուսա լերան հերոսամարտը:
Պատարագէն ետք, թափօրով, դպրաց դասի առաջնորդութեամբ, ուղղուեցանք դէպի ծառաստան, ուր սեղաններուն վրայ զետեղուած էին կաթսաները. տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ ապա բաշխում:
Կրկին երգ ու պար, այս անգամ մինակ կը շրջիմ սեղաններուն շուրջ, կը բարեւեմ ծանօթներուս, կ՛այցելեմ կրպակները: Բոլորը գործի վրայ են:
ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի գայլիկները, ներկաներուն կը ծախեն Ֆրեզնոյի թարմ պտուղներ: Կ՛այցելեմ Մուսա լերան հայրենակցական միութեան կրպակը, ուր ցուցադրուած էին աւանդական ուտելիքներ. բոլոր վարչականները հոն էին, բայց յոգնած՝ երկու օրերու հեւ ի հեւ աշխատանքէն: Վարչութեան ատենապետ՝ Ճ. Քէրքէզեանը սեղանի մը դիմաց նստած կը դիտէր բազմութիւնը: Մօտենալով բարեւեցի եւ քովը նստած կատարեցի հացադրումներ, որոնց սիրայօժար պատասխանեց:
Հրապարակաւ կ՛ուզեմ իմ եւ վարչութեան անդամներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնել Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ սիրայօժար ստանձնեց 97ամեակի տօնակատարութեան հովանաւորութիւնը: Ան կը փափաքէր անձամբ ներկայ գտնուիլ եւ իր պատգամը փոխանցել, սակայն գործի բերումով չկրցաւ ու յատուկ գիրով անոր սրտի խօսքը պատարագի ընթացքին փոխանցեց Վազգէն քհնյ. Ադմաճեանը:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք քահանայ հօր, օրուան պատգամաբեր՝ տոքթ. Վ. Շեմմասեանին, սարկաւագներուն եւ դպրաց դասի երգիչ-երգչուհիներուն:
Շնորհակալութիւն նաեւ, բոլոր վարչական անդամներուն, յանձնախումբերուն, Մուսա լեռցի մեր նորահաս սերունդին, որոնց ներկայութեամբ եւ աշխատանքով այս տօնակատարութիւնը յաջող անցաւ:
Ճ. Քէրքէզեան, խօսելով ներկաներու թիւին մասին ըսաւ. «Այս տարի 500էն աւելի էր ներկաներուն թիւը, անոնք եկած էին Լոս Անճելոսէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն, Արիզոնայէն, Գանատայէն, Լիբանանէն եւ Ամերիկայի զանազան շրջաններէն, որոնց մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք»:
Իրապէս շատ յաջող ձեռնարկ մըն էր: Վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան վարչական անդամներ, յանձնախումբեր, մուսալեռցի նոր սերունդի երիտասարդներ, եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնեցան Մուսա լերան հերոսամարտին 97ամեակի տօնակատարութեան յաջողութեամբ պսակուելուն: