ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Հենրիկ Տէր Ադամեանի նախագահութեամբ, 5 Սեպտեմբերին մերժած է Վարդան Օսկանեանի ներկայացուցիչ Տիգրան Աթանէսեանի բողոքը՝ ընդդէմ Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու առաջին ատեանի դատարանի որոշման:
Յիշեցնենք, որ Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ Մխիթար Պապոյեանի նախագահութեամբ, 18 Օգոստոսին մերժած է «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի բողոքը՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան որոշումը անվաւեր նկատելու գծով:
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամը պահանջած էր չեղեալ նկատել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ բացուած դատը։