
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան 5 Սեպտեմբերին ընդունած է չորսօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Իրաքի փոխվարչապետ Ռուշ Նուրի Շաույէսի գլխաւորութեամբ Հայաստան ժամանած պատուիրակութեան մաս կազմող, Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարար Իզատ Տին Ապտալլա Եուսայինը:
Հանդիպումը կը կրէր ճանաչողական բնոյթ, ուստի կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ հաստատուած փոխադարձ յարգանքին ու բարեկամութեան: Նախարարները նշած են, որ անհրաժեշտ է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը սերտացնել եւ ամրապնդել: Նախարար Կարապետեան դիտել տուած է, որ բնագաւառը ունի երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման մեծ ներուժ եւ անհրաժեշտ է մանրամասնօրէն ուսումնասիրել առկայ կարելիութիւնները եւ անցնիլ յստակ, գործնական քայլերու:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ առաջարկել Հայաստանէն Իրաք արտածել թարմ պտուղ-բանջարեղէն, գետնախնձոր, հանքային եւ ըմպելի ջուրեր, բնական հիւթեր եւ բանջարեղէնային պահածոներ: Իրաքեան կողմը եթէ ուզէ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կրնայ նաեւ առաջարկել կենդանի ոչխարներու, բուրդի, ձկնեղէնի արտածում:
Իրաքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումին համար եւ նշած, որ իրենք եւս պատրաստակամ են համագործակցութիւն ծաւալելու Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ, որ կարելիութիւն պիտի տայ բանալու նոր շուկաներ, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ հեռաւորութեան իմաստով երկիրները ունին մեծ դիւրութիւն։
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարին խնդրանքով նախարար Եուսայինը ներկայացուցած է Իրաքի ներկայի գիւղատնտեսութեան վիճակը եւ խոստովանած, որ երկարատեւ պատերազմներէն ետք իրենց տնտեսութիւնը, մասնաւորապէս գիւղատնտեսութիւնը, բաւական թոյլ ու տկար է, եւ զայն վերականգնելը կը պահանջէ մեծ ջանքեր: Նշուած է նաեւ, որ Իրաք գիւղատնտեսութեան համար ունի լաւ պայմաններ եւ անհրաժեշտ է ուժերու համադրում կատարելով՝ վերականգնել տնտեսութեան համար այդ կարեւոր ճիւղը:
«Իրաքի մէջ կը վերականգուին ոռոգման համակարգերը, կը կառուցուին գիւղական նոր բնակավայրեր, գիւղացիներուն կը տրուին արտօնութիւններ՝ հողեր վարձելու համար, ինչպէս նաեւ անոնց կը տրամադրուի նիւթական եւ թեքնիք որոշ օժանդակութիւն», նշած է Իրաքի նախարարը։ Ան աւելցուցած է, որ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեամբ կը հետապնդուի այս բնագաւառին մէջ արհեստագիտական նորութիւններ բերել՝ նշելով, որ այս իմաստով Հայաստանի փորձառութիւնը կարեւոր կրնայ ըլլալ։
Նախարար Կարապետեանը համակարծիք ըլլալով իր գործընկերոջ՝ գիւղատնտեսութեան արդիականացման իմաստով, պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակութիւն ցուցաբերելու իրաքեան կողմին՝ փորձառութիւններու փոխանակման, մասնագէտներու վերապատրաստութեան եւ զանոնք ուսուցանելու իմաստով։
Նախարար Կարապետեան առաջարկած է նաեւ քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համաձայանագիր ստորագրելու նպատակայարմարութեան հարցը, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ համագործակցութիւնը իրաւական հիմերու վրայ դնելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու կարելիութեան: Նախարարը դիտել տուած է, որ իրաքեան կողմին սկզբունքային համաձայնութեան պարագային, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կրնայ մշակել նշուած համաձայնագիրի նախագիծը՝ հետագային երկու կողմերուն միջեւ քննարկելու եւ վերջնականացնելու համար։
Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարարը ընդունած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարին առաջարկը՝ միացեալ համաձայնագիր պատրաստելու եւ ստորագրելու առնչութեամբ։