
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Եթովպիոյ եկեղեցւոյ պատրիարք Փաուլոս վախճանեցաւ այս շաբթուան ընթացքին: Այս տխուր առիթով, յանուն Արամ Ա. հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան մեկնեցաւ Ատիս Ապապա՝ ներկայ ըլլալու համար յուղարկաւորութեան եւ Եթովպիական եկեղեցւոյ Սինոտին ու պետական պատասխանատուներուն անձամբ ներկայացնելու վեհափառին ցաւակցութիւնները: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 29 Օգոստոսին, Եթովպիոյ Ս. Երրորդութիւն Մայր տաճարին մէջ:
Իր ցաւակացական նամակին մէջ հայրապետը անդրադառնալով Փաուլոս պատրիարքի կեանքին ու ծառայութեան՝ կ՛ըսէ, թէ երկար տարիներու անձնական բարեկամութիւն ու սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունէր իրենց միջեւ: Յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպած էին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ատիս Ապապայի մէջ եւ միջ-եկեղեցական համագումարներու ծիրէն ներս: Հայրապետը նաեւ կը յիշէ, թէ իր նախաձեռնութեամբ պատմական ողջագուրում մը տեղի ունեցաւ Փաուլոս եւ Շնուտա պատրիարքներուն միջեւ՝ Եթովպիոյ եւ Ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ երկար տարիներու սառն յարաբերութիւններէն ետք:
Վեհափառը կը յիշեցնէ, թէ հանգուցեալ պատրիարքը նոր էջ բացաւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան մարզերէն ներս: Ան նաեւ կ՛ողջունէ պատրիարքին տարած աշխատանքը Ափրիկեան ցամաքամասին վրայ:
Յայտնենք, որ հայ եւ Եթովպիոյ եկեղեցիները դաւանակից են: Շուրջ երեսուն հազար հաշուող Լիբանանի եթովպիական համայնքը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը՝ հոգեւոր ու իրաւական իմաստով: