ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 21 Օգոստոսի գիշեր, աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ միջ-եկեղեցական կարեւոր հանդիպում տեղի ունեցաւ Արամ Ա. հայրապետի նախագահութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ: Յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսէֆ Եունան, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մունիպ Եունան. առաջինը՝ որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդէն ներս, իսկ երկրորդը՝ որպէս Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներուն կողմէ նախագահ:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ քննարկուեցան հետեւեալ երկու հարցերը.
ա) Սուրիոյ գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան հարցը
Անցնող ամիսներու ընթացքին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը Դամասկոսի մէջ հաստատած իր կեդրոնատեղիին ճամբով սկսած էր մարդասիրական ու ընկերային օգնութեան աշխատանքին: Նկատի ունենալով Սուրիայէն ներս հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը՝ որոշուեցաւ Դամասկոսի, Հոմսի, Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Գամիշլիի մէջ օգնութեան առանձին կեդրոններ հաստատել, շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Ժողովուրդին անմիջական օգնութիւն հասցնելու մտահոգութենէն մղուած նաեւ որոշուեցաւ, որ Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն կատարող միջ-եկեղեցական միջազգային մարմինները իրենց օգնութիւնը կատարեն ուղղակիօրէն՝ միշտ իրենց աշխատանքը համադրելով տեղական եկեղեցիներուն հետ: Վերաշեշտուեցաւ խորհուրդի այն սկզբունքային որոշումը, որ բոլոր տեսակի մարդասիրական ծառայութիւնները պէտք է կատարուին առանց խտրութեան՝ քրիստոնեայի ու իսլամի միջեւ: Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնը կը մնայ խորհուրդի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը:
բ) Նոր Ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարց
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհ. քարտուղար Փօլ Ռուհանա, շուրջ մէկ ամիս առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ՝ դառնալով թեմակալ առաջնորդ: Նկատի ունենալով այս պարագան, ինչպէս նաեւ իր հրաժարականը՝ որոշուեցաւ խորհուրդի կանոնագրութեան համաձայն յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակում կատարել:
Վերջապէս, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութիւնը՝ ներկաները շեշտեցին եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը՝ մօտէն տեղեակ ըլլալու համար անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջական ու ճիշդ կերպով ներկայացնելու համար շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս՝ եկեղեցիներու տեսակէտն ու մտահոգութիւնը: