ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ լիբանանեան բանակի ջանքերուն, Թրիփոլիի մէջ սիւննի եւ ալաուի զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ սկսած զինեալ բախումները Ուրբաթ, Օգոստոս 24ին դարձեալ սաստկացան՝ առնուազն երկու զոհ եւս խլելով: Ցարդ 15 զոհ եւ 100է աւելի վիրաւորներ արձանագրուած են քաղաքի Պապ Թըպպանէ եւ Ճապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ սկսած բախումներուն պատճառաւ, որոնց ընթացքին օգտագործուած են նաեւ հրթիռներ եւ ձեռնառումբեր:
Միւս կողմէ՝ Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ յայտարարեց, որ ընտանիքը որոշած է ընդառաջել Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու յատուկ նախարարական յանձնախումբի, կրօնաւորներու եւ քաղաքական կարգ մը կողմերու փափաքին՝ կասեցնելով առեւանգումները, առիթ տալու համար, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շարունակէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը ապահովելու իր աշխատանքը: Նշենք, որ Մըքտատ ընտանիքը առեւանգումներու դիմեց՝ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումը ապահովելու յոյսով: Պէյրութի եւ Անգարայի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան այս կապակցութեամբ, նկատի ունենալով, որ Մըքտատ ընտանիքին կողմէ առեւանգուածներէն մէկը թուրք մըն է եւ կը կարծուի, որ նախապէս Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 շիի ուխտաւորները Թուրքիա տարուած են:
Մինչ այդ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ Դամասկոսի մօտերը եւ Հալէպի մէջ զինեալ ընդհարումներ տեղի ունեցած են ընդդիմութեան զինեալներուն եւ Սուրիոյ բանակին միջեւ: