ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2012ի Յունուար-Յուլիսին Հայաստան ժամանածներուն եւ մեկնածներուն թիւը համապատասխանաբար եղած է 1 միլիոն 68 հազար 159 եւ 1 միլիոն 151 հազար 919: Անոնց միջեւ եղող տարբերութիւնը 83 հազար 760 մեկնող է:
Ըստ Միգրացիոն պետական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած՝ օդային, երկաթուղիով եւ ցամաքի ճամբով մեկնածներուն եւ ժամանածներուն թիւերուն տարբերութիւնը բարձրացած է 5.1 հազարով կամ 6.5 տոկոսով: Օդային ճամբով սահմանը հատած ուղեւորներուն քանակը ճամբորդներուն 44.1 տոկոսն է:
Յուլիսին, միջազգային ուղիներով ճամբորդներուն ժխտական տարբերութիւնը եղած է 9.9 հազար: Ի տարբերութիւն երկաթուղիով եւ ինքնաշարժով երկրէն հեռացողներուն, օդային ճամբով եկողներուն եւ մեկնողներուն տարբերութիւնը դրական է, այսինքն՝ Հայաստան ժամանողներուն թիւը տիրական է։