
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի դաշնակցութեան եւ հսկողութեամբ ու հովանաւորութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան, 3էն 29 Յունիսին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան մարզիչի Ա. կարգի քննութիւններ:
Այս քննութիւններուն մասնակցեցան բոլոր անոնք, որոնք արդէն իսկ ունէին Բ. կարգի աստիճան:
Տեղի ունեցած այս քննութիւններուն հսկեց (դաշտին վրայ) եւ դասախօսեց (սրահի մէջ) Ասիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան կողմէ նշանակուած քաթարցի Ահմետ Օմար Ֆըսթոք:
Անոր մասնակցեցան Բ. կարգի աստիճան ունեցող 15 անձեր, որոնցմէ ութը՝ լիբանանցի, իսկ մնացեալը՝ օտարահպատակ (Սուրիայէն, Քաթարէն, Հոլանտայէն, եւ այն):
«Լիբանանահայութեան եւ ՀՄԸՄի անունը եկաւ բարձր պահելու Յակոբ Տեմիրճեան, որ յաջողելով այս քննութիւններուն՝ ստացաւ Ա. կարգի մարզիչի աստիճան», կը գրէ մեր աշխատակից «Ազդակ» օրաթերթը՝ աւելցնելով. «Ան ոչ միայն 11 լիբանանցիներէն մէկը հանդիսացաւ (ցարդ յաջողած), որ Ա. կարգի աստիճան կը ստանայ, այլ նաեւ առաջին հայը՝ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Ասիոյ մէջ, որ կը հասնի այս աստիճանին»: