1989ին Մոսկուայի մէջ Օֆելիա Առաքելեան հիմնադրած է «Մոսկուա» բազմամշակութային դպրոցը, որուն տնօրէնն է առ այսօր: Դպրոցին մէջ ուսած են տարբեր ազգութիւններու աշակերտներ, որոնք սորված են իրենց մայրենի լեզուն եւ ունեցած են ազգային երգ ու պարի խմբակները: Այսօր դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 15 ազգութիւններու ե-րեխայ:
«Ընդհանուր առմամբ, այսօր դպրոցին մէջ կայ 200 երեխայ. 100էն աւելին՝ հայ երեխաներ են: Անոնք շաբաթական երկու ժամ կ՛ուսումնասիրեն հայոց լեզու եւ գրականութիւն: Սակայն ատիկա բաւական չէ ի հարկէ լեզուին տիրապետելու համար: Այդ պատճառով ալ, անոնցմէ շատերը մեր ուսուցիչներուն մօտ մասնաւոր դասերու կը յաճախեն», կը յայտնէ Օֆելիա Առաքելեան:
Բազմամշակութային այս դպրոցը պետական է եւ նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ պետութեան կողմէ: Դպրոցին տնօրէնը կը նշէ, թէ նախապէս պետութիւնը նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէր նաեւ մշակութայն խմբակներուն, բայց այսօր հրաժարած է այդ քայլէն:
«Այժմ վարձատրութիւնը կը կատարուի ըստ աշակերտներու թիւին: Այժմ շատ խմբակներու գոյութիւնը եւ նիւթական աջակցութիւնը կախուած է ծնողներէն: Նշեմ, որ մեր երեխաները կը տարբերին յատկապէս իրենց դաստիարակութեամբ, եւ օրինակ կը ծառայեն այլ ազգի երեխաներու: Ատոր մասին մեզի կ՛ըսեն այլ ազգի երեխաներու ծնողները», կը պատմէ Օֆելիա Առաքելեան:
«Մոսկուա» բազմամշակութային դպրոցը աւարտած աշակերտներուն կը տրուին այնպիսի վկայականներ, զորս կը ստանան ռուսական դպրոցներու մէջ ուսած աշակերտներ եւ անոնք ընդունելի են բարձրագոյն հաստատութիւններու կողմէ: