
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Օգոստոս 17ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Փըսիֆիք Պալէ» պարախումբը հանրութեան պիտի ներկայացնէ «Dance In The USA»ը, որ Միացեալ Նահանգներու երաժշտութեան եւ պարի պատմութեան հետաքրքրական ու հակիրճ ներկայացում մըն է:
Իւրայատուկ այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ Հայաստանի, Ասիոյ տարբեր երկիրներու, Ռուսիոյ եւ Սպանիոյ մէջ մարզուած պարողներ, որոնց շարքին են չորս հայուհիներ՝ Ռուզանա Աւետիսեան ու Անի Յովհաննիսեան (Կլենտէյլէն) եւ Թինա Էտկարեան ու Ռենա Ղարիպեան (Պըրպենքէն):
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Ֆորտ» համերգասրահին մէջ (2580 Cahuenga Blvd. East, Hollywood, CA 90068):
Տոմսերու գինը 15էն 35 տոլար է, իսկ լիաժամ ուսանողներու եւ 12 տարիքը չբոլորած պատանիներու համար՝ 12 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել ww.FordTheatres.org կամ www.pacificballetdancetheatre.org կայքերը, կամ դիմել (323) 461-3673 թիւին: