
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս տարուան Ապրիլին, ՀԵԴի Նանօր Գրիգորեանի անուան կրթանպաստներու հիմնարկը ամբողջացուց իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը, որուն ընթացքին ան գործնակապէս կրցաւ նեցուկ կանգնիլ հայ ուսանողներուն:
Քաղցկեղի զոհ գացած ՀԵԴական Նանօր Գրիգորեանի յիշատակին անուանուած կրթա-նպաստները նպատակ ունին հայ ուսանողներուն համար աւելի հասանելի դարձնել բարձրագոյն ուսման կարելիութիւնները, միաժամանակ փորձելով այդ աշակերտները մղել դէպի համայնքային կեանքին մէջ աւելի գործօն անդամ դառնալու ճամբան:
Այս նպատակները իրականացնելու համար, ցարդ աւելի քան 60 ուսանողներ ստացած են մօտաւորապէս 200,000 տոլարի հասնող կրթանպաստներ:
«Իսկապէս պատիւ մըն է ինծի համար, որ այս կրթնպաստը կը ստանամ հայ համայնքէն: Ուրախալի երեւոյթ է, որ մեր փոքրաթիւ ազգի զաւակները նման քայլերու կը դիմեն նոր սերունդին կրթութեան նեցուկ կանգնելու, առիթ ընծայելով անոնց, որ բարգաւաճին», ըսած է 2008ին կրթանպաստը ստացողներէն Տարօն Մաթէոսեան:
Կրթանպաստներ կը շնորհուին ոչ միայն ուսանողին նիշերուն եւ կարիքի հիման վրայ, այլ նկատի կ՛առնուի նաեւ անոնց մասնագիտութիւնը, թէ որքանով այդ մէկը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ հայութեան:
«Ուսումս կը շարունակեմ, որպէսզի օր մը կրնամ ծառայել համայնքին եւ կը յուսամ, որ առիթը կ՛ունենամ նաեւ Հայաստան երթալու, որպէսզի հայրենիքիս փոխանցեմ իմ ձեռք ձգած գիտելիքներս ու փորձառութիւններս: Նման երազներ ունենալուս եւ գնահատուելուս համար շնորհակալ եմ», կը յայտնէ կրթանպաստ ստացած Քրիսթինա Մեհրանպոտ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի ուսանողուհի է:
Նանօր Գրիգորեանի անուան կրթանպաստը ստանալու համար ներկայացուած դիմումնագիրները կ՛արժեւորուին ամէն գարնան, ՀԵԴի կրթական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ եւ սովորաբար ամէն տարի 250էն 1000 տոլարի կրթանպաստներ կը յանձնուին երեք ուսանողներու:
Կրթանպաստներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել ՀԵԴի գրասենեակ՝ (818) 507-1933 թիւով կամ
AYF@AYFwest.org հասցէով: