«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ճամբորդներուն թիւը այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն աճած է՝ 2011ի տուեալներուն հետ բաղդատելով։
Այս տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն այդ թիւը կազմած է 717.999, այսինքն՝ շուրջ 46.000ով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի թիւէն՝ 670.152:
Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, այս տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստան եկած է 384.037 անձ, իսկ 2011ի նոյն ժամանակահատուածին՝ 360.611: Միեւնոյն ատեն Հայաստանէն մեկնած է 333.962 հոգի, իսկ 2011ին՝ 309.541: