– «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի յայտնի վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ Յուլիս 25ին կոչ ըրած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները արագօրէն կարգաւորելու: Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք նախապէս շրջանի երկիրներու մէջ ամենէն ամուրն էին, պէտք է վերականգնին, քանի որ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած լարուած իրադրութեան մէջ, անոնց բարելաւումը «հարկաւոր է յատկապէս Թուրքիոյ համար»: Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտարարած էր, որ եթէ Իսրայէլը «Կապոյտ Մարմարա» նաւու միջադէպին համար ներողութիւն խնդրէ Թուրքիայէն, ապա ինքը պիտի հրաժարի:
– Մօտաւորապէս 167,000 ամերիկացիներու համալսարանական ուսման համար վերցուած պարտքերը 200,000 տոլարէն աւելի են: