ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 22 Յուլիսին փակուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի կեդրոնին մէջ տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող «Արամ Մանուկեան» ութերորդ մանկական ամառային ճամբարը:
2004էն ի վեր քանատահայ կամաւորներ Հայդուկ եւ Այտա Շամլեաններ իրենց երկու զաւակներուն հետ ամէն ամառ կ՛այցելեն Արցախ եւ Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ կը կազմակերպեն մանկական ճամբար՝ Շուշիի մանուկներուն համար: Այս տարի նախատեսուած ութսուն մասնակիցներուն փոխարէն ճամբարին մասնակցեցան երկու հարիւրէ աւելի շուշեցիներ՝ 5-12 տարեկան:
Ճամբարի փակման առիթով տեղի ունեցաւ տօնական հանդիսութիւն։ Ճամբարին մասնակիցներուն եւ հիւրերուն իրենց հրաժեշտի խօսքը փոխանցեցին կազմակերպիչներ Հայդուկ եւ Այտա Շամլեանները՝ խոստանալով նոյն նպատակով յաջորդ տարի եւս վերադառնալ։
Իր երախտագիտութեան խօսքը արտասանեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ «Արամ Մանուկեան» տարեկան ամառային ճամբարը իր յատուկ տեղը կը գրաւէ Նարեկացի արուեստի միութեան Շուշիի կեդրոն յաճախող մանուկներուն սրտերուն մէջ։
Փակման հանդիսութեան մասնակցեցան ՆԱՄ Շուշիի կեդրոնի պարախումբի, երգչախումբի, ասմունքի եւ թատերական խումբերու սաները՝ ելոյթներով հանդէս գալով: