ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը գումարեց իր երկամեայ Շրջանային ժողովը, որուն օրակարգը, ժողովրդավարական սկզբունքներով ղեկավարուող որեւէ կազմակերպութեան Գերագոյն ժողովին նման, ընդգրկած էր նախորդ երկամեայի գործունէութեան մասին հաշուետուութիւն, քննարկում ու գնահատում՝ այդ աշխատանքներու արդիւնքներուն, նոր երկամեայի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու ճշդում եւ ղեկավար նոր կազմի ընտրութիւն:
Այս բոլորը սովորութենական կարգով ընթացած են ու արդարօրէն կրնան այնպիսի տպաւորութիւն թողուլ, որ կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները նախկինին օրինակով, կամ՝ լաւագոյն պարագային՝ քիչ մը աւելի արդիւնաւէտութեամբ:
Այս պատկերացումը հիմնովին փոխելու, աշխատանքներու ծաւալը ընդարձակելու, անոնց նպատակասլաց հետապնդումը կազմակերպական առաւել ամուր հիմերու վրայ դնելու խնդիրը այսօր աւելի՛ քան երբեք ծանրացած է Դաշնակցութեան այս շրջանի ղեկավար կազմին վրայ: Այս խնդիրները ինքն իր առջեւ դնելու մղիչ ուժը ո՛չ թէ մրցակցութիւնն է մէկ այլ կուսակցութեան հետ, բան մը՝ որ դժբախտաբար չկայ մեր իրականութեան մէջ, ո՛չ ալ վերէն կամ վարէն եկած ճնշումի մը հետեւանքը: Մղիչ ուժը պարզ գիտակցումն է, որ մեր կազմակերպութեան վիզին է մեր համայնքի հնարաւորութիւններու զօրաշարժը բազմաթիւ մակարդակներով հզօրացնելու պարտաւորութիւնը, զօրաշարժ՝ ի նպաստ հայրենիքին, ի նպաստ Արցախին, ի նպաստ æաւախքին, ի նպաստ Հայ Դատին, հայութեան իրաւունքներու տիրացման:
Դաշնակցութեան ճամբով կամ այլ միութեանց ու կազմակերպութեանց միջոցաւ այդ զօրաշարժը պէտք է իրականանայ: Հետեւաբար, այդ զօրաշարժը իրականացնելու գործին պէտք է լծուի, պարտաւո՛ր է լծուիլ այս շրջանի Դաշնակցական կառոյցը: Այս նշանաբանով ալ կառոյցը կը թեւակոխէ նոր երկամեան: