
Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովը՝ Մոնաքոյի մէջ Յուլիս 5-9ին գումարելիք իր լիագումար նիստին, զեկոյց մը պիտի քննարկէ քաղաքական եւ ապահովութեան հարցերու ընդհանուր յանձնախումբին մէջ՝ «ԵԱՀԿ, փոփոխութեան տարածք» խորագիրով, որ պիտի ներկայացուի լիթուանիացի զեկուցաբեր Վիլիա Ալեքնայթէ Ապրամիքիէնէի կողմէ:
Զեկոյցը կը ներառէ անվտանգութեան, պաշտպանութեան, հակամարտութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին գլուխներ, սպառազինութիւններու վերահսկողութիւն եւ համացանցի անվտանգութիւն, նաեւ նման այլ հարցեր:
Զեկոյցին մէջ յատուկ նշում կատարուած է անլոյծ եւ ձգձգուած հակամարտութիւններու. մասնաւորապէս նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ կեանքեր խլել շփման գիծին վրայ, եւ լարուածութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս տակաւին չափազանց բարձր է: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ համատեղ, կ՛աշխատին խաղաղութեան ծրագիրի մը մշակման ուղղութեամբ, եւ ներկայիս հիմնականին մէջ այս կողմերէն կախեալ է աշխատանքը՝ լուծելու հակամարտութիւնը եւ հասնելու համաձայնութեան մը: Կարեւոր առաջին քայլ մըն է երաշխաւորել, որ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը յարգուի եւ դիպուկահարները քաշուին շփման գիծէն»:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր մշտական դիրքորոշումը, թէ դիպուկահարները պէտք է քաշուին շփման գիծէն՝ որպէս վստահութեան շինիչ քայլ: Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը համաձայնած է, բայց Ատրպէյճանի մերժողական կեցուածքին պատճառով, խլուող անմեղ կեանքերու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը անգամ մը եւս կը պահանջէ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովէն ուժեղ դիրքորոշում ցուցաբերել այս հարցին մէջ եւ պահանջել Ատրպէյճանի նախագահէն, որ դիմէ այս քայլին եւ հեռացնէ դիպուկահարները շփման գիծէն:
Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, թէ «կենսական է, որ ամբողջական հետաքննութիւններ կատարուին, երբ հակամարտութեան կապուած միջադէպեր տեղի կ՛ունենան. Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութիւնը Վիլնիուսի մէջ, Դեկտեմբեր 7, 2011ին վերահաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորել խաղաղ միջոցներով»:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Մենք ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովէն կը պահանջենք ամուր քայլեր առնել, ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի յարձակողական խափանիչ գործողութիւններուն՝ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, որոնց ականատես եղանք անցեալ ամիս, նոյն օրը, երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Քլինթըն տարածաշրջան կ՛այցելէր, ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ Հայաստան անոր ժամանումէն:
«Մենք ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ պիտի շարունակենք մօտէն հետեւիլ այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ պիտի հետեւինք սպառազինութիւններու վերահսկողութեան եւ վստահութեան շինիչ քայլերուն: Ատրպէյճանի արկածախնդրութիւնը կը վտանգէ հրադադարի էութիւնը, եւ տարածաշրջանը կը մղէ պատերազմի վերսկսման: Ատրպէյճան պէտք է խուսափի բռնութեան նման քայլերէ, եթէ տարածաշրջանէն ներս իսկապէս հետաքրքրուած է խաղաղութեամբ, անվտանգութեամբ եւ համագործակցութեամբ: Հայաստանը բազմիցս ցուցաբերեց բարի կամք, իսկ հիմա՝ Ատրպէյճանի կարգն է», եզրափակեց Գ. Կարապետեան: