
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» առողջապահական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան նշանակուած է Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի եւ առողջապահական կեդրոնի վարչութեան անդամ:
Սարգիս Ուրֆալեան 1997էն ի վեր Կլենտէյլի մէջ գործող «Ուրֆալեան եւ Ուրֆալեան» իրաւաբանական հիմնարկի գործընկերներէն մէկն է՝ մասնագիտանալով քաղաքացիական հարցերու մէջ: Ան իր իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է Արեւմտեան Լոս Անճելըսի համալսարանէն եւ 1987էն ի վեր փաստաբան է՝ իրաւասութիւն ունենալով հարցեր ներկայացնելու թէ՛ նահանգային եւ թէ դաշնակցային ատեաններու մէջ:
Իր իրաւաբանական աշխատանքին կողքին, Սարգիս Ուրֆալեան նաեւ գործօն անդամ մըն է համայնքին մէջ: Վերջին 8 տարիներուն, ան Փասատինայի «Թաւլեան» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետն է, իսկ 2007էն ի վեր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ է, իսկ 2009էն 2011ի միջեւ՝ վարչութեան համա-ատենապետը: Ան ամուսնացած է Լաուրային ու հայրն է Դալարին ու Սեպուհին: