
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի «Արուեստ եւ մշակոյ»չ սրահին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ «Դէպի Գողգոթա» («Towards Gol-gotha») հատորին ներկայացումը:
Հատորը պիտի ներակայացնէ զայն անգլերէնի թարգմանած դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճին: Հատորը պատմութիւնն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Արտայի մեծ հօր՝ Յակոբ Արսէնեանի:
Դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճի հնագի-տութեան պատմութեան ճիւղի մէջ մագիստրոսի վկայական ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, իսկ հնագիտութեան մէջ իր դոկտորան՝ Փարիզի համալսարանէն: Ան ներկայիս Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի Արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքի վարիչն է ու նախաձեռնած է ուսումնասիրութեան մը, որ կը վերաբերի հայ կնոջ դերակատարութեան՝ Ցեղասպանութենէն վերապրելու գործընթացին մէջ:
2004ին ան Լիբանանի առաջին տիկինէն ստացած է կին մտաւորականներու շնորհուող շքանշանը, իսկ 2009ին՝ Լիբանանի ներքին նախարարութեան շքանշանը՝ ընտրութիւնները վերահսկելու իր աշխատանքին համար:
Դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճին պիտի ներկայացնէ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասասխեանը, որ Յակոբ Արսէնեանի ծոռն է:
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն «Ապրիլ» գրատունն ու Կլենտէյլի գրադարանի «Արուեստ եւ մշակոյ»չ բաժանմունքը:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: