ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրը, որուն այս տարի կը մասնակցին 9 ուսանողներ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական յարաբերութեանց վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան կը յայտնէ, թէ սոյն ծրագիրը վարժողական ծրագիր մը ըլլալու կողքին, նպատակ ունի պատրաստելու հայ համայնքի վաղուան ղեկավարները:
Երկամսեայ ծրագիրի առաջին օրերուն, մասնակիցները արդէն իսկ ներկայ եղած են Կովկասի մէջ տագնապներու առաջքը առնելու հարցին նուիրուած բարձրաստիճան գիտաժողովի մը, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգնրու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քազլորիչ:
Անոնք նաեւ հանդիպում մը ունցան Ուաշինկթընի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ՝ քննելու համար Արցախի կապակցութեամբ արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն մարտահրաւէրները, իսկ աւելի ուշ, շնորհակալութիւն յայտնեցին հայանպաստ բանաձեւեր վաւերացնելու աշխատանքներուն մէջ իրենց նպաստը բերած շարք մը քոնկրեսականներու:
Հայ Դատի վարժողական ծրագիրին մասնակցիները նաեւ առիթը ունեցան հանդիպում մը ունենալու Հայկական համագումարի «Թերճենեան-Թամըս» վարժողական ծրագիրի մասնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ռիչմընտ (Վըրճինիա) այցելելով՝ ներկայ ըլլալու Ողջակիզման նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր տեղեկութիւններ ցուցադրուած էին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, իսկ աւելի ուշ անոնք մասնակցեցան Ռիչմընտի մէջ կայացած Հայ Դատի տարեկան 66րդ դաշտահանդէսին՝ կազմակերպութամբ Ռիչմընտի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր գործող Լէօ Սարգիսեանի անուան ծրագիրի մասնակցողները իրենց շրջանի հայ համայնքներուն մէջ գործօն անդամներ են: Անոնք ծրագիրին տեւողութեան կը մնան Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան բնակարանին մէջ: Բնակարանը կոչուած է ի յիշատակ 23ամեայ այս ուսանողին, որ 2004ին, Ֆրեզնոյի մէջ զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի մը:
Այս տարուան ծրագիրի մասնակիցները կու գան Միացեալ Նահանգներու տարածքէն եւ Գանատայէն: Անոնք են՝ Արամ Պալեան, Կարէն Պոսթանեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Քարինա Խանճեան, Ճոզէֆ Գազազեան, Գայլ Մովսէսեան, Արա Ներսէսեան, Տէյվիտ Օհաննէսեան եւ Արմէն Սահակեան:
Արամ Պալեան այս տարի աւարտած է երկրորդական վարժարանը ու կը պատրաստուի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ իր ուսումը սկսելու: Ան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գործօն անդամ է ՀԵԴի եւ եկեղեցական երիտասարդական կազմակերպութեանց, իսկ անոր անգլերէն ու հայերէն յօդուածները լոյս տեսած են զանազան թերթերու մէջ: Ան վարժողական ծրագիրին մասնակցութիւնը լաւագոյն միջոց կը նկատէ Հայ Դատին եւ ընդհանրապէս՝ ամերիկահայութեան հարցերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու:
Կարէն Պոսթանեան իմաստասիրութեան եւ քաղաքական գիտութեանց երկրորդ տարուան ուսանող է «Քալըճ աֆ տը Քէնյընզ» համալսարանին մէջ, եւ միշտ փափաք ունեցած է աւելի գործօն անդամ մը դառնալու ամերիկահայութեան կեանքին մէջ՝ ըլլայ ատիկա Լոս Անճելըսի կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Գրիգոր Գրիգորեան շրջնաւարտ է Թորոնթոյի համալսարանէն՝ մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեանց ու պատմութեան ճիւղերուն մէջ: Ան արդէն իսկ որոշ քաղաքական փորձառութիւն ունի՝ աշխատելով նահանգային ու դաշնակցային ընտրութեանց մասնակցած թեկնածուներու հետ: Ան ուսումը կը շարունակէ իրաւաբանութեան մէջ եւ ատենապետն է Հարաւային Միսիսակուայի Նոր Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մասնաճիւղին:
Քարինա Խանճեան գործօն անդամ մըն է Հոլիվուտի հայ համայնքին մէջ գործող ՀԵԴի «Մուսա Տաղ» ուխտին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, եւ կը հաւատայ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ մասնաւորապէս Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրը լաւագոյն միջոցներն են պատրաստելու մեր համայնքի ապագայ ղեկավարները, որոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պաշտպանել հայութեան շահերը:
Ճոզէֆ Գազազեան վերջերս քաղաքական գիտութեանց ճիւղի մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղէն եւ գործօն անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քալիֆորնիոյ նահանգային հարցերու յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հայ ուսանողներու միութեան համախմբումին:
Գայլ Մովսէսեան եւս քաղաքական գիտութեանց ճիւղի մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է, «Ռաթկըրզ» համալսարանէն եւ յատկանշական ներդրում ունեցած է Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքի կեանքին մէջ, շրջանի ՀԵԴին, իր համալսարանի Հայկական ակումբին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ:
Արա Ներսէսեան գործարարական ճիւղի ուսանող է Ուորչեսթըրի նահանգային համալսարանին մէջ, ուր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ իր կապը հաստատուած է՝ շնորհիւ իմաստասիրութեան իր դասախօսին՝ դոկտ. Հենրի Թերիոթի: Ան նաեւ կարճ շարժապատկերներ կ՛արտադրէ. անոնցմէ քանի մը հատը ան արտադարծ է Պոսթընի Հայ Դատի յանձնախումբին համար:
Տէյվիտ Օհաննէսեան այս վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ որոշած է, որպէսզի ոչ միայն աւելի մօտէն ծանօթանայ Հայ Դատին ու հայութեան, այլ նաեւ առիթը ունենայ հանդիպելու հայութեան ի նպաստ աշխատանք տանող ամերիկացի քաղաքական գործիչներու հետ:
Արմէն Սահակեան երկրորդ տարուան ուսանող է «Պլումֆիլտ» համալսարանին մէջ ու կը մասնագիտանայ միջազգային քաղաքական տնտեսութեան մարզին մէջ: Ան այս ծրագիրով կը յուսայ աւելի մօտէն ծանօթանալ ամերիկեան քաղաքական կեանքին ու յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան:
Ծրագիրին կարելի է հետեւիլ facebook.com/ancagrassroots anca.org կայքէջէն կամ asbarez.com ու armenianweekly.com կայքերէն: