ՎԻԵՆՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ Կրաց քաղաքի Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայ եւ աւստրիական երաժշտական արուեստի հանդիպում» խորագիրով համերգը՝ կատարողութեամբ Կրացի Ուելշէ Կիրխէի «Բխիյեան» լարային քառեակին, որուն անդամներն են Մարինէ Բխիյեան՝ ջութակ, Միխայլօ Զախարով՝ ջութակ, Գայիանէ Միրզոյեան՝ ալթ, Էուտիթ Փափ՝ թաւջութակ:
Յայտագիրը կը բովանդակէր Ժոզէֆ Հայտընի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Համերգի աւարտին կազմակերպուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Երեւանի Քանաքեռ համայնքին մէջ գործող երաժշտական դպրոցին: Համերգին նպատակն էր աւստրիացի եւ հայ գաղութին ծանօթացնել բարձրորակ երաժշտական արուեստը: