ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչութեան 80ամակի արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու համար, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Ֆրանսա պիտի մեկնի: Վեհափառը Փարիզ պիտի ժամանէ Յունիս 28ին, ապա, նոյն օրը, պիտի մեկնի Մարսէյ:
Գարեգին Բ. Ֆրանսա պիտի մնայ մինչեւ Յուլիս 4: