
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- 7 Յունիսին, Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան մշակոյթի նախարարութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիանա Տէր Կարապետեանի «Եաները Արժանթինեան Արուեստի Մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան մշակոյթի նախարար Էռնան Լոմպարտի, իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման գիրքի մը հրատարակութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց վերջերս Հայաստան իր կատարած այցի տպաւորութիւնները:
Տիանա Տէր Կարապետեան, խօսք առնելով՝ նկատել տուաւ, որ գիրքը կեանքի կոչուած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի Պուէնոս Այրես կատարած այցելութեան ընթացքին:
Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան մեծապէս կարեւոր նկատեց այսպիսի նախաձեռնութիւններ: Ան մասնաւորապէս նշեց այն բարենպաստ պայմանները, որոնց պատճառով հայերը շաղուած են արժանթինեան հասարակութեան հետ եւ ինքնադրսեւորուած են նաեւ արուեստի բնագաւառին մէջ:
Շնորհահանդէսին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան արժանթինահայ երգիչներ: