
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին քննեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող զանազան հարցեր:
Երեսփոխան Բագրատունի ՄԱԿի պաշտօնատարին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը բխին երկրի ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան սկզբունքներէն, ինչպէս նաեւ համայնքներու գոյակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի պատասխանատուութենէն:
Տեսակցութեան ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան Ազգային երկխօսութեան նիստի աւարտին հրապարակուած Պաապտայի յայտարարութեան մէջ նշուած կէտերը, ուր թէ՛ Փլամպլի եւ թէ Բագրատունի շեշտեցին երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ զայն աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննելու շրջանային իրավիճակը եւ այդ գծով ՄԱԿի դերակատարութիւնը: