
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 20ի առաւօտուն, «Հայրենիք» միութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչները՝ Յակոբ Բաշմանեան, Յարութիւն Սարգիսեան եւ Բարունակ Չէլիկեան, այցելութիւն մը տուին Ազգ. առաջնորդարան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը շնորհաւորելու համար՝ անոր վերընտրութեան առիթով։ Անոնք նախապէս շնորհաւորանք յղած էին սրբազանին, իսկ այժմ եկած էին անձամբ փոխանցելու իրենց խնդակցութիւնը։
Հիւր ներկայացուցիչները այս առիթով նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին առաջնորդին, Հայաստանի ի նպաստ իրենց գործունէութեան մասին։ Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին՝ միութեան 20ամեակի հանդիսութեան անոր ներկայութեան ու քաջալերանքին համար։
Առաջնորդը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի զգացումներուն համար, բարձր գնահատեց միութեան ժողովրդանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւնները եւ նոր նուաճումներ մաղթեց անոր։