
ԳԱՀԻՐԷ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Յունիս 22ին, տասնեակ հազարաւոր եգիպտացիներ դարձեալ հաւաքուեցան «Թահրիր» հրապարակը՝ բողոքելով զինուորական իշխանութեանց վերջին քանի մը քայլերուն դէմ, որոնք կրնան շեղել նախորդ նախագահ Հոսնի Մուպարաքը իշխանութենէն հեռացուցած ապստամբութեան ընթացքը:
Ցուցարարները բողոքած են խորհրդարանը լուծարելու, ապագայ նախագահին իրաւասութիւնները սահմանափակելու, զինուորականներուն յաւելեալ իրաւասութիւններ ապահովելու եւ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումը ձգձգելու քայլերուն դէմ: Ընդդիմութիւնը մտահոգ է, որ զինուորականները նախագահ պիտի նշանակեն Մուպարաքի իշխանութեան օրերուն վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Ահմետ Շաֆիքը, հակառակ անոր, որ Իսլամ եղբայրներու թեկնածուն խլած է քուէներուն մեծամասնութիւնը: