ԺԸՆԵՒ, «Էյ.Փի.».- Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու ընդդիմութեան, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Ուրբաթ, Յունիս 22ին յայտարարեց, թէ Իրան պէտք է մաս կազմէ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն:
Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան աշխատակիցները չեն կրցած իրականացնել Սուրիոյ Հոմս քաղաքէն բնակիչները դուրս բերելու առաքելութիւնը, շարունակուող մարտական գործողութիւններուն պատճառով, հակառակ այն իրողութեան, որ Հինգշաբթի առաւօտեան ժամանակաւոր զինադադար հաստատելու համաձայնութիւնը գոյացուած էր կառավարական ուժերու ու ապստամբներու հետ:
Նաեւ, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հինգշաբթի օր Յորդանան ապաստանած օդաչուն «դաւաճան մըն է, որ պիտի պատժուի»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ յորդանանեան կողմին հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան՝ «Միկ-21» օդանաւին վերադարձը ապահովելու համար: