
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ Փոցտամի համալսարանը եւ «Լեփսիւսի տուն» կազմակերպութիւնը վերջերս ստորագրած են համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ անոնք պիտի շարունակեն ընդլայնել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու իրենց ծրագիրը: «Լեփսիւսի տուն» կազմակերպութեան վայրը, ժամանակին եղած է գերմանացի մարդասէր, փիլիսոփայ եւ պատմաբան Եոհանս Լեփսիւսի տունը, որուն անունով յետագային կոչուած է նաեւ կազմակերպութիւնը:
Եոհանս Լեփսիւս հայերուն յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայերու իրաւունքներու համար յամառ պայքարող անհատականութիւն:
«Լեփսիուսի տուն» կազմակերպութեան տնօրէն Ռոլֆ Հոսֆելտ իր կարելին ըրած է կեդրոնի հիմնադրման համար: Ան հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ, որոնցմէ մաս մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
«Լեփսիւսի տան» եւ Փոցտամի համալսարանի միջեւ համագործակցութիւնը մեծ քայլ մը կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ լայնածաւալ հետազօտութիւններ սկսելու եւ հաստատելու ուղութեամբ: