
ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի ՀՄԸՄի 67րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 10ին, Ֆիքսի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, ի ներկայութիւն շուրջ քառասուն քոյր-եղբայրներու եւ հրաւիրեալներու:
Ժողովին կը մասնակցէին յատկապէս ժամանած ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄի պատուոյ նախագահ Կարպիս Գույումճեան, Շրջանային վարչութեան, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու պատգամաւորներ, սկաուտական խորհուրդի պատասխանատուներ, 16 օրինաւոր եւ 6 խորհրդակցական ձայնով ներկաներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ: Կը բացակայէր Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղը՝ հակառակ ժողովին մասնակցելու իր ստացած հրաւէրին: Ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Գէորգ Գոլանեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան:
Ժողովը բացուած յայտարարեց առժամեայ դիւանի նախագահ Պաղտիկ Գարապաճաքեան, որ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել ՀՄԸՄի վախճանեալ քոյր-եղբայրներու յիշատակը: Ապա ժողովը ընտրեց իր մնայուն դիւանը՝ ատենապետութեամբ Պաղտիկ Գարապաճաքեանի եւ ատենադպրութեամբ Մարլէն Տաքեսեանի:
Լիազօրագիրներու ստուգումը կատարելէ ետք յստակացաւ ժողովին օրինաւորութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ բանաձեւի, հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու կազմերու ընտրութիւնը:
Առաջին հերթին, ամփոփ զեկոյցներով հանդէս եկան Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետները՝ ներկայացնելով միաւորներու թուային պատկերը եւ մարզական խումբերու գործունէութիւնը: Այս բաժինը աւարտեցաւ մուտքերու եւ ելքերու գումարի պատկերի փոխանցումով:
Շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Յովակիմեան ընթերցեց երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ուրկէ ի յայտ եկաւ, որ վարչութիւնը գործեց հնգանդամ կազմով:
Շրջանը կը գործէ երեք մասնաճիւղերով՝ Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի մէջ:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան 5 անդամնոց նոր կազմի ընտրութիւն: