
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– «Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի խաչմերուկներում» գիրքի հեղինակ Ռոպերթ Պեքման Պրին, որ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, 28 Մայիսին այցելած է Սարդարապատի յուշահամալիր եւ մասնակցած տօնական արարողութեան. ան նաեւ շրջագայած է Սարդարապատի պատմութեան թանգարանին մէջ:
Ազգագրագէտ, լուսանկարիչ Ռոպերթ Պեքմանի գիրքին մէջ տեղ գտած են Հայաստանի եւ Արցախի 25 վանական համալիրներու, եկեղեցիներու եւ մատուռներու մասին պատմող լուսանկարներ ու պատմութիւններ: Ան որոշ ժամանակ մը ապրած է Գաւառի տարածաշրջանի Կարմիր գիւղին մէջ, ուր գրեթէ բոլորը կը ճանչնան զինք։ Ռոպերթ Պեքման կը սիրէ հայն ու Հայաստանը։
«Այսօր շատ յոգնեցայ, բայց այդ յոգնութեան մէջ երանութիւն կայ», «Առաւօտ»ի թղթակիցին յայտնած է ան։ «Շատ քալեցի, մասնակցեցայ տօնակատարութեան: Ուշ հասայ, տօնակատարութիւնը գրեթէ աւարտին էր, բայց դեռ շատ մարդ կար յուշահամալիրին մէջ: Քանի մը անգամ այցելած էի Սարդարապատ, մասնակցած տօնակատարութիւններուն, բայց չէի կրցած թանգարան մտնել։ Թանգարանին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին վիշապաքարերը, որոնք ամէն տեսնելուս կը զարմանամ։ Ժամանակակից խեցեգործական աշխատանքները բացառիկ են, եւ ես կը սիրեմ նորին ներկայացումը հինաւուրց պատմութեան մէջ:
«Այն նոյն վիշապաքարը, որմէ կար Գաւառի մէջ, դրուած էր նաեւ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ: Հայ ժողովուրդը ունի նախաքրիստոնէական շրջանէն այնպիսի մշակոյթ ու փաստեր, զորս ես շատ բարձր կը գնահատեմ»։
Ի զարմանս Ռոպերթին, Սարդարապատի մէջ զայն ողջունած են ծանօթ գաւառցիները, որոնց ան հանդիպած էր նախորդ Դեկտեմբերին: