ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- «Անշարժ գոյքի կատաստրի պետական կոմիտէ»ի կողմէ հայաստանեան շուկային գծով կատարուած վերլուծութեան տուեալներուն համաձայն, Մարտ 2012ին Հայաստանի անշարժ գոյքի շուկային մէջ տեղի ունեցած է 13,808 գործարք, ինչ որ 4.5 տոկոսով ցած է Փետրուարի եւ 19.5 տոկոսով 2011ի Մարտի գործարքներուն հետ բաղդատելով: Միայն օրէնքով գոյքեր վերցնելու եւ զայն պետութեան յանձնելու գործարքներուն քանակը Մարտին՝ Փետրուարին համեմատած, աճած է 9.4 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան Մարտի համեմատ նուազած է 14.8 տոկոսով: 3608 գործարքներէն առուծախինը կազմած է 76.8 տոկոս: Մնացածը նուիրատուութիւններն ու փոխանակութիւններն են: Պետութեան յանձնուած անշարժ գոյքի 38.6 տոկոսը բնակարաններն են, իսկ անոնց գործարքներու քանակի 39.7 տոկոսը արձանագրուած է Երեւանի մէջ:
Մայրաքաղաքին մէջ առուծախի գործարքներուն 66.7 տոկոսը արձանագրուած է բազմաբնակարան շէնքերու բնակարաններուն նկատմամբ: 2012ի Փետրուարի համեմատ, Մարտին բնակարաններու առուծախի գործարքներու քանակը Երեւանի մէջ աճած է 18.7 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան Մարտի հետ համեմատելով՝ 12.3 տոկոսով:
Երեւանի մէջ բնակարաններու շուկայական միջին գիները այս տարուան Մարտին՝ Փետրուարին հետ համեմատած, նուազած են 0.1 տոկոսով: