«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կան շատեր տակաւին, որոնք Հայաստանի Անկախութիւնը կը նկատեն երազ, տենչ ու ձգտում:
Կան շատեր, որոնք հազար ու մէկ մանրուքներով, մերթ՝ հիմնաւոր առարկութիւններով, վերապահութեամբ կը նային անկախ Հայաստանին, երբեմն ալ կը փորձեն ստուերել անոր իրականութիւնը՝ ամբողջական հայութեան ամբողջական հայրենիքի գաղափարը վկայակոչելով:
Այդ շատերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք Մայիս 28եան ոգիով կերտուած են. իրենց համար Հայաստանի անկախութեան գաղափարը այնպիսի՛ անհասանելի իտէալի մը վերածուած է, որ ներկայ իրականութիւնը իր խնդիրներով, իր դժուարութիւններով, իր թերութիւններով ու սահմանափակումներով չի կրնար փոխարինել առաջին հանրապետութիւնը, որուն առասպելաբանութեան կախարդանքին տակ են անոնք (մենք):
Քննադատելու նպատակով չեն գրուիր այս տողերը: Ինքնաճանաչման ցաւագին աշխատանքի մը անհրաժեշտութեան զգացողութենէն կը բխին անոնք: Կ՛ուզենք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ մեզմէ ոմանց մօտ Մայիս 28ի փառաւոր ծնունդը չի վերածուիր մեր անկախ հանրապետութեան անմնացորդ նուիրուելու ներշնչման աղբիւրի:
Ոչ ոքի հայրենասիրութիւնը չափելու իրաւունքը ունինք: Այսուհանդերձ, այսօրուան Հայաստանի հզօրացման, պետականութեան կռուաններու ամրացման, երկիրի բարգաւաճման ու արդար համակարգի ստեղծման գործին մեր հաւաքական ներդրումը խիստ անբաւարար ըլլալու փաստը չենք կրնար ուրանալ: Այդ անբաւարարութեան մեղքը բոլորիսն է՝ իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդոցմէ սկսեալ մինչեւ ամէնէն հեռաւոր անկիւնը ապրող սփիւռքահայը:
Ինքնախարազանումը անիմաստ ու անպտուղ վարժութիւն է: Ցանկալին՝ Մայիս 28եան ոգիով բոցավառուելու ուղին, բանալին կամ գաղտնիքը գտնելն է, որպէսզի այդ կախարդական իտէալը միս ու ոսկոր դառնայ մեր այսօրուան անկախ Հայաստանով, իբրեւ նաեւ նոր մեկնակէտ՝ մեր ձգտումներու ամբողջութիւնը իրականացնելու ճիգին: