ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի երեք անդամները, որոնք այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին, 24 Մայիսին պիտի հիւրընկալուին խորհրդարանին մէջ:
Ֆիլիփ Մարինին, որ Ծերակոյտին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է 1992 թուականէն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ «բարի կամքի միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարները պէտք է ճանչնան այն իրականութիւնը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի, խաղաղութիւնը եւ սեփական ճակատագիրին տնօրինելու հանգամանքը անվիճարկելի արժէքներ են»:
Ան ընդգծեց, թէ հակառակ անոր որ Լեռնային Ղարաբաղը տակաւին չէ ճանչցուած, այդուհանդերձ միջազգային հանրութիւնը չի ժխտեր այդ երկրին գոյութիւնը:
Ան Լեռնային Ղարաբաղը կոչեց «Կովկասեան փոքրիկ Զուիցերիա»:
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ մտավախութիւն չունին այն հաւանականութենէն, որ այս այցելութենէն ետք Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ տեղ գտնեն՝ Մարինին կատակով պատասխանեց. «Ես կ՛ափսոսամ ատոր համար, որովհետեւ երբեք Ատրպէյճան չեմ այցելած»:
Ծերակուտականները վստահեցուցին, որ այս այցելութենէն ետք «հիացմունքի եւ հպարտութեան զգացումով» կը վերադառնան Ֆրանսա:
Ֆրանսացի ծերակուտականները ընդունած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Նախատեսուած է, որ յառաջիկայ օրերուն ֆրանսացի ծերակուտականները հանդիպումներ ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր առաջնորդին, երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու հետ: