
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 24ին իր տխրահռչակ «սեւ ցուցակ»ին վրայ դրած է Մայիս 22ին Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն այցելած Ֆրանսայի Ծերակոյտի երեք անդամները: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ հաղորդած է, թէ Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը այս կապակցութեամբ բողոքագիր մը յղած է այդ երկիրի արտաքին գործոց նախարարութեան. բողոքագիրին մէջ նշուած է, թէ Պաքուի իշխանութիւնները «անյարմար» կը նկատեն ֆրանսացի պատգամաւորներու կողմէ նման այցելութիւններ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան եւ Թուրքիոյ ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Սինան Օղան քննադատած է ֆրանսացի ծերակուտականներու Արցախ այցը եւ նշած է, որ այսպիսով Ֆրանսա կը պաշտպանէ հայկական կողմը: «Ֆրանսան եւ միւս երկիրները կողմնակալութիւն կը ցուցաբերեն, երբ շահ ունին», ըսած է ան: