
ՇԻՔԱԿՕ, «Էյ.Փի.».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարեց, որ դաշինքը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու նպատակ չունի: Ռասմուսեն Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի գերաստիճանին ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թոյլ տուէք շեշտեմ, որ մենք Սուրիոյ կացութեան նկատմամբ շատ մտահոգ ենք: Կը կարծեմ, որ անոր հետ վարուելու եւ լուծումներ գտնելու լաւագոյն ձեւը՝ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրն է»:
Ան աւելցուց, թէ խորապէս կը ցաւի, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը կը թուի չյարգել Անանի ծրագիրը, եւ մենք կը դատապարտենք սուրիական ապահովութեան ուժերու վարմունքը եւ քաղաքայիններու բռնաճնշումը»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Սուրիոյ նորընտիր խորհրդարանը կը հրաւիրէ յառաջիկայ Հինգշաբթի օր իր առաջին նիստը գումարելու: