ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ կառուցուելիք ընդծովեայ կազատարին եւ Կիպրոսի հարաւային շրջաններուն մէջ կառուցուելիք կազի արտադրութեան կեդրոնի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով, Թել Աւիւ կը փափաքի մօտաւորապէս 20 հազար զինուորականներ տեղակայել կղզիին մէջ. այս մասին կը հաղորդեն թրքական թերթեր, ըստ որոնց, Իսրայէլի վարչապետ Պենեամին Նեթանիահու խնդրած է Կիպրոսի իշխանութիւններէն, որ օդային եւ ծովային ռազմական խարիսխներ տրամադրեն իսրայէլացի զինուորականները տեղակայելու համար՝ միաժամանակ խոստանալով ջնջել Կիպրոսի մէջ իսրայէլացի գործարարներու կողմէ ներդրումներ կատարելը արգիլող օրէնքները:
Ըստ թրքական մամուլին՝ Իսրայէլ կը փափաքի Կիպրոսի Լիմասոլ նաւահանգիսին մէջ Իսրայէլի զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն ու իսրայէլացի այլ մասնագէտներու համար 50 հազար հոգինոց բնակավայր մը կառուցել՝ զայն անուանելով «Փոքրիկ Իսրայէլ»: