ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն, դատ բանալու մոլուցքով տարուած Ամերիկայի թրքական համախմբումը (ԱԹՀ) դատական գործեր յարուցած է այն դասախօսներուն, պետական ծառայողներուն եւ քաղաքացիական խումբերուն դէմ, որոնք կը սատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Անցեալ շաբաթ, դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորներ վերջ դրին ԱԹՀի դատական քաշքշուկներուն՝ ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանին, եւ միաձայն վերահաստատեցին դաշնակցային դատարանին նախկին որոշումը՝ մերժելով ԱԹՀի անհիմն պնդումները:
Թրքական շահերուն ջատագով խումբը հայց ներկայացուցած էր ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի փրոֆ. Պրունօ Չաուաթի, որ ԱԹՀի երեկտրոնային կայքը ու քանի մը այլ կայքեր որակած էր «ոչ արժանահաւատ»: Համալսարանի կայքէջին վրայ տեղադրուած էր հետեւեալ խիստ զգուշացումը՝ ուղղուած ուսանողներուն. «Մենք խորհուրդ չենք տար օգտուելու այս կայքերէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարող ուսանողները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ չօգտուին այս կայքերէն, քանի որ անոնք կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը, աջակցութիւն կը ստանան անյայտ կազմակերպութեան մը կողմէ կամ կը պարունակեն այնպիսի բովանդակութիւններ, որոնք փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդն են»:
Ի սկզբանէ ԱԹՀն բողոքած էր, թէ իր կայքէջին ներառումը այդ համալսարանի «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ին վրայ, կ՛ոտնահարէ թրքական խումբին խօսքի ազատութիւնը: Համալսարանը մերժեց ԱԹՀի ամբաստանութիւնը, թէեւ 2010ի Նոյեմբեր 18ին, Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերատեսութեան ենթարկեց իր կայքէջը եւ վերացուց «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ը՝ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան համար առաջարկելով նոր աւելի ստոյգ աղբիւրներ: Համալսարանը հաւաստիացուց, որ այս վերանայումը պայմանաւորուած չէր ԱԹՀի բողոքով, եւ հերքեց որեւէ խախտումի կատարում: 2010ի Նոյեմբեր 24ին, փրոֆ. Չաուաթ Կեդրոնի կայքէջին վրայ տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որով կը բացատրուէր, թէ «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ը հանուած է (համալսարանի կայքէջէն), որովհետեւ ինք չի փափաքիր՝ «նոյնիսկ բացասական ձեւով՝ խթանել անվաւեր տեղեկատուական աղբիւրները»:
ԱԹՀն այնուհետեւ դատական հայց մը յարուցեց համալսարանին, անոր նախագահին եւ փրոֆ. Չաուաթի դէմ՝ պնդելով, որ իրենց կայքին ներառումը այդ ցանկին մէջ, ուր ներառուած են հրեաներու Ողջակիզումը մերժող կայքեր, վնաս կը հասցնէ թրքական կազմակերպութեան հեղինակութեան: Դատարանը մերժեց հայցը:
2012ի Մայիս 3ին, 8րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորները մերժեցին աւելի ցած ատեանի դատարանին վճիռը՝ որոշում կայացնելով, որ համալսարանը չէ խախտած ԱՀԹի՝ սահմանադրութեամբ ամրագրուած խօսքի ազատութեան իրաւունքները, քանի որ ատիկա ո՛չ արգելափակած է, ոչ ալ սահմանափակած է թրքական կայքէջին օգտագործումը:
Դատաւորները նաեւ մերժեցին թրքական խումբին երկրորդ պահանջը այն մասին, որ, իբր թէ զրպարտանք եղած է, երբ համալսարանը յայտարարած է, թէ ԱԹՀի կայքէջը «արժանահաւատ չէ», «ժխտողական է», կը ներակայացնէ «փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդ» եւ «անվաւեր տեղեկատուական աղբիւր է»: Դատը շահելու անյոյս փորձ մը ընելով՝ ԱԹՀ պնդեց, թէ իր կայքէջը չի ժխտեր հիմնական որոշ պատմական փաստեր, երբ կը յայտարարէ, որ «անշո՛ւշտ հարիւր հազարաւոր հայեր մահացած են»: Այնուամենայնիւ, քանի որ թրքական կայքէջը կը պնդէ, թէ «խիստ անհաւանական է, որ ցեղասպանութեան մեղադրանք կիրառուի Օսմանեան կառավարութեան կամ անոր իրաւայաջորդներուն նկատմամբ», ուստի դատաւորները որոշում կայացուցին համալսարանին օգտին՝ պնդելով, որ ԱԹՀն իրականութեան մէջ ներգրաւուած է «ժխտման» գործընթացին:
ԱԹՀի այս դատական չարամիտ գործերը մտահոգած են ԱՄՆի բազմաթիւ դասախօսներ, որոնք անհանգստացած են անով, որ այս գործը կրնայ վտանգաւոր նախադէպ ըլլալ եւ ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունենալ ակադեմական ազատութեան վրայ: Այս լուրջ մտահոգութիւնները ստիպեցին Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութիւնը պահանջելու, որ ԱԹՀ ետ քաշէ իր դատական հայցը:
Թէեւ Մինըսոթայի համալսարանին դէմ ԱԹՀի որդեգրած հարցակողական մարտավարութիւնը տապալեցաւ, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ թրքական խումբը պիտի դադրի դատի կանչելէ այլ ակադեմական կամ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք նոյնպէս կը մերժեն ներգրաւուիլ Թուրքիոյ ժխտողական արշաւներուն: Հարկ է նշել, որ ԱԹՀն իր 2010 թուականի 3.6 միլիոն տոլար պիւտճէէն, 630,000 տոլար ծախսած է դատական հայցերու համար: Յատկանշական է, որ ԱԹՀն իր տարեկան հաշուետուութեան մէջ չի յիշեր իր ֆինանսաւորման աղբիւրներուն մասին, բացառութեամբ հպանցիկ մէկ յիշատակումի, թէ՝ «անիկա ամբողջութեամբ կ՛օժանդակուի անձնական նուիրատուութիւններու» կողմէ: «Boston Business Journal»ը կը յայտնէ, թէ Hittite Microwave Corp.-ի հիմնադիր՝ թուրք-ամերիկացի Եալչին Այասլի, 2007 թուականին 30 միլիոն տոլար յատկացուցած է ԱԹՀին:
2010ին ԱԹՀն իրագործած է հետեւեալ լայնածաւալ գործողութիւնները եւ քաղաքական աշխատանքները՝ ծախսելով 3.6 միլիոն տոլար.
– 75 քաղաքական յուշագիրներ ներկայացուցած է Քոնկրեսի անդամներուն եւ Ամերիկայի կարծիք-ձեւաւորողներուն.
– Վերահսկած է ամերիկեան մամուլը.
– Թուրքիա այցելութեան տարած է բնիկ ամերիկացի գործարարներու պատուիրակութիւն.
– Լոպիիստական գործունէութիւն իրականացուցած է Քոնկրեսէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ.
– Գովազդներ դրած է «Roll Call» եւ «Washington Quarterly» թերթերուն մէջ.
– Ամառնային վարժողական ծրագիրներ կազմակերպած է թուրք ուսանողներու համար, Ուաշինկթընի մէջ.
– Կրթաթոշակներ տրամադրած է ափրիկա-ամերիկացի, հայ-ամերիկացի, սպանախօս ամերիկացի, բնիկ ամերիկացի եւ թուրք ուսանողներու՝ Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ սորվելու համար.
– Դրամաշնորհներ տրամադրած է գիտական համաժողովներու.
– Հետազօտական դրամաշնորհներ տրամադրած է փրոֆ. Մայքըլ Կունթըրի, Ճասթըն ՄըքՔարթիի, Հաքան Եաւուզի եւ այլոց.
– 100 հազար տոլորի դրամաշնորհներ նուիրած է Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համախմբումին եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան, իսկ աւելի նուազ գումար մը՝ Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան.
– 630 հազար տոլար ծախսած է՝ դատեր բանալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին աջակցող տարբեր մարմիններու դէմ.
– Նիւթապէս հովանաւորած է Ամերիկայի քոնկրեսականներու այցելութիւնը Թուրքիա.
– ԱՄՆ կառավարութեան ներկայացուցած է բողոք մը, որով կը մեղադրուէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ «ատելութիւն սերմանող խումբ» ըլլալու յանցանքով:
Հաշուի առնելով ԱԹՀի՝ հարկերէ զուրկ բարեգործական կազմակերպութիւն մը ըլլալու կարգավիճակը, ԱՄՆ Հարկային վարչութիւնը (IRS) պէտք է ստուգէ Թրքական համախմբման քաղաքական եւ լոպիիստական մեծածախս գործունէութեան օրինականութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ