ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններ. նոր գործընկերութիւն» վերնագիրով 96 էջնոց ծաւալուն զեկոյց մը հրապարակուած է ամերիկեան Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին կողմէ:
Հայկական հարցին առնչութեամբ, զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, թէ 1915 թուականի ջարդերը իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչնալու նպատակով ամերիկահայ համայնքի ջանքերուն պատճառով, յաճախ լարուածութիւն կը յառաջանայ Ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:
Զեկոյցի առաջարկներու բաժինին մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն պէտք չէ մօտենայ յատուկ խնդիրներու նեղ դիտանկիւնէն, ըլլան անոնք Հայաստանի, Իսրայէլի, կամ ՆԱԹՕի հետ կապերը:
«Հայաստանի պարագային եւ 1915 թուականի ջարդերուն հարցերով, Միացեալ Նահանգները բարոյական հետաքրքրութիւն ունի աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ՝ յստակացնելու համար պատմական իրադարձութիւնը: Բայց Ամերիկա-Թուրքիա համագործակցութիւնը շատ աւելի լայն է, քան հայկական ողբերգութիւնը, քան թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւններու դժուարին իրավիճակը, կամ Արեւմուտքի մէջ Թուրքիոյ դիրքի մասին կեղծ քննարկումները», ըսուած է զեկոյցին մէջ:
«Ռազմավարական համընկնող շահերը եւ Ամերիկա-Թուրքիա համագործակցութեան հսկայ ներուժը պէտք չէ կորուստ կրէ յատուկ քաղաքական շահերու պատճառով», կը նշեն փորձագէտները: Միաժամանակ անոնք կը շեշտեն, որ Ուաշինկթըն պէտք է կրկին փորձէ օգնել թուրքերուն եւ հայերուն, 2009ի Հայ-թրքական արձանագրութիւններով յառաջ շարժելու համար: Ըստ անոնց, այդ արձանագրութիւնները հնարաւորութիւն ընձեռեցին բնականոնացնելու երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները:
Անոնք կը նշեն, թէ ներկայ իրավիճակի փոփոխութիւնը շատ հաւանաբար պիտի բարելաւէ Անգարայի յարաբերութիւնները Երեւանի հետ, ինչ որ պիտի մեղմացէ Հայկական հարցին պատճառով պարբերաբար յառաջացող լարուածութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ Թուրքիոյ, որպէսզի առաջնորդի դեր ստանձնէ Կովկասի մէջ, ինչին եւ կը ցանկայ Թուրքիա: Փորձագէտներուն համաձայն, այս բոլորը պիտի բարելաւեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման մթնոլորտը:
Ընդհանուր առմամբ, Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին զեկոյցը Ուաշինկթընի եւ Անգարայի նոր գործընկերութեան համար, քանի մը սկզբունքներ կ՛առաջարկէ:
Հետազօտական այս խումբը, որուն մաս կը կազմեն 23 յայտնի փորձագէտներ, կը գլխաւորէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախքին նախարար Մետլին Օլպրայթը: