
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անգարա լաւատես է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ յարաբերութեանց ապագայով, թրքական «Զաման» թերթին յայտնած է Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, որ դրական նկատած է այն իրողութիւնը, թէ Հոլանտ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նման կտրուկ կերպով դէմ չի դներ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն:
«Բայց Անգարա մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ Ֆրանսուա Հոլանտ իր նախորդէն աւելի նախանձախնդիր ջանասիրութիւն կը ցուցաբերէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծիը վաւերացնելու գործին մէջ», կը գրէ թերթը:
Պուրճուօղլու այս առիթով դարձեալ ազդարարած է, որ եթէ «Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հարցով յամառութիւն դրսեւորուի, ապա թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները կրնան փակուղի հասնիլ»:
«Թուրքիոյ պետութիւնը, ազգը եւ Ֆրանսայի թրքական համայնքը պիտի շարունակեն օրինագիծին դէմ պայքարը», սպառնացած է Պուրճուօղլու: