ԵՐԵՒԱՆ, «Թրեթ».- Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, Հինգշաբթի օր «Ժուռնալիստի տան» մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, «Մամուլի ազատութեան ժամանակը» անուանակարգին մէջ մրցանակ ստացաւ «Առաւօտ» կայքի խմբագիր Աննա Իսրայէլեանը՝ նախորդ տարուան ընթացքին աւանդական եւ նոր լրատուական լրագրութեան հնարաւորութիւնները համադրելուն համար:
Յիշեցնենք, որ «Առաւօտ» օրաթերթը նախորդ տարուընէ ի վեր սկսաւ իր գործունէութիւնը ծաւալելու նաեւ ելեկտրոնային լրագրութեան մարզին մէջ:
«Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր կայքը, նախորդ վեց ամիսների ընթացքում, եռապատկել է իր ընթերցողների թիւը: Այն ժամանակ, երբ մենք փորձում էինք սկսել, փորձագէտները խորհուրդ չէին տալիս, սակայն արդիւնքներն ակնյայտ են», ըսաւ Աննա Իսրայէլեան:
Ինչ կը վերաբերի մրցանակաբաշխութեան՝ ապա անիկա կը կատարուի 2006էն ի վեր. առաջին մրցանակակիրը եղած է «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը:
2007ին մրցանակի արժանացած է Տիգրան Պասկեւիչեանը, իսկ 2008ին՝ Գիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը: 2009 եւ 2010ին մրցանակակիրներ չեն եղած, իսկ անցած տարուան մրցանակին արժանացած է «Հետք» ելեկտրոնային կայքի գլխաւոր խմբագիր Էտիկ Բարսեղեանը: