ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 4-5 Մայիսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն:
Այս այցելութեան ծիրին մէջ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը տեսակցութիւն պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ։
Մայիս 4ին տեղի պիտի ունենան նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ուրուկուէյի իր պաշտօնակիցին միջեւ բանակցութիւններ, որոնց պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս մը։ Ուրուկուէյի նախարարը նաեւ այցելութիւն պիտի տայ Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: