
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջերս դիմած է համացանցային նախաձեռնութեան մը, որուն միջոցաւ քաղաքացիները կրնան կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին մէջ քննուելիք հարցեր առաջարկել: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք առաջին տասը առաջարկները պիտի մտնեն Մերքելի աշխատանքային օրակարգին մէջ:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին՝ առայժմ 150 հազար ձայնով առաջին տեղը կը գրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ է Գերմանիոյ մէջ իսլամութեան հետ կապուած հարցերու շուրջ քննարկումներու կազմակերպումը: Կան նաեւ թմրանիւթերու օգտագործման օրինականացման եւ երկքաղաքացիութեան նուիրուած հարցերուն մասին քննարկումներ կատարելու առաջակներ:
As a Armenian this is a very sad very disappointed day for me because this number will make me
wounder how weak we are in Germany mean time i will thanks this 150.000 people for signing for the
Armenian Genocide my God there are over 90.000.000 people live in Germany and there are over
6.000.000 Turks live in Germany Armenians wake up