ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Առաւօտ կանուխ խմբագրատուն կը մտնէ հին ընկեր մը՝ Ֆրետը, ձեռքին ընտիր սուրճով լեցուն գաւաթներ, իսկ հոգին՝ ալեկոծ:
Մեծ Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովելու հարցն է, զոր կը խռովէ զայն, ու ան եկած է իր լուման բերելու՝ գործնական առաջարկներով:
Մենք ալ մեր ծրագիրները բաժնեցինք ընկերոջ հետ՝ բացատրելով նաեւ զանոնք իրագործելու դժուարութիւնները, խոչընդոտները՝ գլխաւորաբար նիւթական միջոցներու սահմանափակութեան հետ կապուած:
Եթէ կ՛ուզենք, որ ժողովուրդը մեծ թիւով ներկայ ըլլայ Ապրիլեան գլխաւոր հաւաքներուն, ապա պէտք է զոհողութեան գնով իրականացնել քարոզչական լայնածաւալ աշխատանք՝ հասնելով տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներու, անոնց բացատրելով ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը, անոնց յստակացնելով, թէ իրենց մասնակցութեամբ ինչպէ՛ս նպաստած կ՛ըլլան ընդհանրապէս ազգային մեր իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարին:
– Պէտք է սկսիլ՝ ճանապարհները ցոյց տալով ժողովուրդին,- կ՛ըսէ Ֆրետ, որ կը հաւատայ, թէ կան շատեր, որոնք չենք գիտեր ինչպէ՞ս հասնիլ հաւաքավայրերը՝ սկսելով Մոնթեպելլոյի յուշարձանէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարանը կամ Հոլիվուտի քայլարշաւի վայրը:
Կրնա՛յ ըլլալ: Այդ վայրերը հասնելու մանրամասն բացատրագիրներ սիրո՛վ կը հրապարակենք թերթով ու հեռատեսիլով, եւ կոչ կ՛ուղղենք զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջոցներուն՝ նոյնը ընելու:
Նաեւ, բոլորս մէկ աշխատինք՝ ձեռնարկներու մասին տեղեկացնող ծանուցագիրները թերթով ու այլ միջոցներով հասցնելու առաւելագոյն թիւով հայորդիներու հասցէներուն:
Ձեռնարկներուն հասնելու ճանապարհը ցոյց տալու առընթեր, մեր հայրենակիցներուն փորձենք ցոյց տալ նաեւ դէպի յաղթանակ տանող ուղին, որ կ՛անցնի իւրաքանչիւրիս դռնով՝ միացնելով մեր մասնակցութիւնը ու մեր ներդրումը ընդհանուրի ճիգերուն:
Միացէ՛ք, մասնակցեցէ՛ք, ձեռնարկները վերածեցէք հզօ՛ր հաւաքներու: