ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է այն լուրը, թէ Իրանի հետ հակամարտող Իսրայէլը իրաւունք ստացած է Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայաններ օգտագործելու: Մեկնաբանելով նշեալ լուրերը՝ նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ լրագրողներուն յայտնած է, թէ անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ. «Ես չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, որ ըսուածին մասին վկայող փաստացի հիմք կրնայ ունենալ», ըսած է ան:
«Ֆորէյն Փալըսի» թերթը գրած էր, թէ Պաքու Իսրայէլի շնորհած է թոյլատուութիւններ, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ Իսրայէլ կրնայ Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայաններ գործածել Իրանի վրայ յարձակելու համար: Վերջերս Թեհրան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ վստահեցուցած էր, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ իր տարածքի օգտագործումը՝ Իրանի դէմ: