ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ ազատ մամուլի եւ արտայայտուելու վիճակը մտահոգիչ է, որովհետեւ լրագրողներու, մարդկային իրաւունքները պաշտպանողներու եւ այլախոհներու դէմ բռնութիւնները կը շարունակուին, իսկ անոնց պատասխանատուները անպատիժ կը մնան. այսպէս եզրակացուցած է Միջազգային համագործակցութեան խումբին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը, որ իրականացած էր Պաքուի մօտ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատան աջակցութեամբ:
Խումբը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն բանտարկուած լրագրողներն ու գործիչները, եւ շեշտած է, թէ Պաքու պէտք է լրջօրէն հետապնդէ լրագրողներու եւ այլախոհներու դէմ կիրառուող բոլոր տեսակի բռնութիւնները: